2016-11-22 09:22:00

Աղօթքի նուիրուած անձերու օր` աղօթքը թիկունք կը կանգնի աշխարհին։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Կոյս Մարիամի ըստ լատինաց տաճար ընծայումի յիշատակի օրուան առթիւ, Եկեղեցին կը նշէ նաեւ ''Pro Orantibus – Աղօթողներու ի սպաս'' օրը, նուիրուած բոլոր անոնց որոնք իրենց կեանքը նուիրեցին հայեցողական կեանքին ու որպէս առաքելութիւն ընտրեցին աղօթքը։

Այդ օրուայ առթիւ համայն հաւատացեալները հրաւիրուած են աղօթելու` աղօթքի նուիրուած անձերու դիտաւորութեան, որոնք իրենց կարգին կարիքն ունին բոլորին աղօթքին։

Սոյն օրուան առթիւ որ նշուեցաւ երկուշաբթի 21 նոյեմբերին, Ֆրանչիսկոս Պապ հրապարակեց թուիթ մը որուն մէջ հրաւիրեց` երախտապարտութեամբ յիշել նուիրեալ անձինքը, որոնք փակեալ վանքերու մէջ աղօթք կը բարձրացնեն առ Աստուած Եկեղեցւոյ ու համայն աշխարհին  համար։

''Երախտապարտութեամբ յիշենք նուիրեալ անձերը որոնք` փակեալ վանքերու մէջ  կ՛աղօթեն Եկեղեցւոյ ու աշխարհին համար'' գրեց Նորին Սրբութիւնը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.